2015-09-13 10:59:00

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին խօսքը բժիշկներուն` ''Միշտ պատրաստ ծառայելու անհատին''


(Ռատիօ Վատիկան) ''Ժամանակակից մշակոյթներուն` յատկանշուած համաշխարհայնացումի ու յարաբերականութեան ոգիով, Կաթողիկէ բժիշկները կ՛ընծայեն քրիստոնէական տեսութեան կարեւոր սատարը, որ բաց է բարոյական ու հոգեւոր ծաւալին ճշմարտութեան պայծառութեամբ'', կը կարդանք ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հիւսիսային Իտալիոյ Վերչելլի քաղաքին մէջ համախմբուած բժիշկներու ուղղած պատգամին  մէջ։

Հեռագիրը կը կրէ Ս. Աթոռի Պետական Քարտուղար` կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը` ։

Նորին Սրբութիւնը կը մաղթէ որ բժիշկները իրենց փնտռտուքներու ու աշխատանքին ընթացքին իրենց աչքին առջեւ մշտատեւ  ունենան մարդկային ու քրիստոնէական արժէքները։

Բժիշկներու գիտաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին ի մէջ այլոց Վերչելլի թեմին առաջնորդ` Կարդինալ Տիոնիճի Թեթթամացցի եւ Կարդինալ Էտուարտօ Մենիքելլին` հոգեւոր հայր Իտալիոյ բժիշկներու ընկերակցութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.